image
Հրատապ լուրեր:

Գերյ. Տ. Գէորգ Ծ.Վրդ. Զապարեանին շնորհաւորագիր՝ Հռոմի Պապին կողմէ

Գերյ. Տ. Գէորգ Ծ.Վրդ. Զապարեանին շնորհաւորագիր՝  Հռոմի Պապին կողմէ

Անցեալ յուլիս ամսուայ 16-ին, Գերյ. Հ. Գէորգ Ծ. Վարդապետ Զապարեանը նշեց իր Քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեակը. այս առիթով ան ստացաւ բազմաթիւ շնորհաւորագիրեր, որոնցմէ ամենակարեւորը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Օրհնութեան Գիրն էր, որուն մէջ Քահանայապետը Յոբելեար Վարդապետին մաղթեց, որ «կարողանայ շարունակել իր Քահանայական ծառայի կեանքը խաղաղութեան եւ ուրախութեան մէջ, որ ինքզինք կը նուիրէ առանց հաշուի առնելու աւետարանումի այն պահանջկոտ պարտականութիւնները, որ իրեն կը յանձնուին տարբեր առաքելութիւններու ընդմէջէն»։

Նորին Սրբութիւնը, հուսկ, Աստուծոյ առատ պարգեւները հայցեց Հայր Գէորգ Զապարեանի վրայ ու Անոր շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը, միաժամանակ օրհնելով բոլոր այն անձերը, որոնք համախմբուած են Գերյարգելի Վարդապետին շուրջ։

Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի «պտղաբեր դարձնէ» Գերյ. Հ. Գէորգ Զապարեանին շնորհուած բարիքները ու Ան կարենայ «նախանձախնդրութեամբ եւ վեհանձնութեամբ յառաջ տանիլ իր առաքելութիւնը եւ համապատասխանել Տիրոջ կոչին` ծառայելու համար Հայ Կաթողիկէ իր եղբայրներուն»։

Յայտնենք, թէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ եւս օրհնութեան հայրապետական գիր մը յղած էր Յոբելեար Վարդապետին, որուն մէջ ակնարկելով Գերյարգելիի «անշահախնդիր նուիրումին» ի սպաս Եկեղեցւոյ, «նուազագոյն պարտք» համարած է «խոնարհիլ Անոր վաստակին ու օրինակին առջեւ»:

«Թող որ մեծարանքի այս Յոբելեանին Ձեզի ուղղուած երախտագիտական խօսքերն ու բարեմաղթանքները՝ ընդունուին որպէս աղօթք առ Աստուած, Ձեզի շնորհելու առողջութիւն եւ հոգիի անդորրութիւն», գրած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հայրապետը իր բարեմաղթական պատգամի աւարտին։

Նման բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի.Միքայէլ Եպս. Մուրատեանը, ինչպէս նաեւ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Բաբգէն Արքեպս. Չարեան եւ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանը, Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան Մեծաւոր Հ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վարդապետ Մուրատեանը, ինչպէս նաեւ՝ Մոնրէալի Լատին Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսը, Գանատայի Մեծայարգ Վարչապետն ու Քէպէք Նահանգի պատուարժան Կառավարիչը:

 

Լուրը՝  «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական  բաժանմունքէն