image

Գերութիւնէն վերադարձած Միհրան Մուսայէլեանը հիւանդանոց փոխադրուած է

Գերութիւնէն վերադարձած Միհրան Մուսայէլեանը հիւանդանոց փոխադրուած է

23 նոյեմբերին մոլորուելու հետեւանքով ատրպէյճանցիներու մօտ յայտնուած Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի Միհրան Մուսայէլեան, զոր Պաքուն վերադարձուց Երեւանին, կը գտնուի բժիշկներու վերահսկողութեան ներքոյ։

Մարտունիի շրջանի Աշան համայնքի ղեկավար՝ Արմէն Բալասանեան  ArmLur.am-ին ըսած է, որ  Միհրանի հարազատներուն հետ խօսած է եւ անոր վիճակը նորմալ է եւ կը գտնուի  հիւանդանոց։

Բալասանեանի խօսքով, համագիւղացին մոլորուած է վաղ առաւօտեան ժամերուն։

«Էդ տարածքում խաղաղապահ չկայ, առաջնագիծը չի նկատել», ըսած է Բալասանեան։