Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի դիմատետրի էջէն կը կարդանք՝
Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2022-ին, Թեմիս Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մեսրոպ Եպս․ Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Ապու Տապիի հոգեւոր հովիւ Հոգշ․ Տէր Վաչէ Վրդ․ Պալըքճեանին, փոքրամասնութեանց պետական գրասենեակի (DCD) հրաւէրով ներկայ գտնուեցան Ապու Տապիի Շէյխ Զայիտ Մեծ Մզկիթէն ներս կազմակերպուած Իֆթարին։
Այս առիթով սրբազան հայրը յատուկօրէն շնորհակալութիւն յայտնեց գրասենեակի տնօրէնին, որ անցող տարիներու ընթացքին հետամուտ եղաւ փոքրամասնութեանց համերաշխ ու բարգաւաճ ընթացք ստեղծելու Ապու Տապիէն ներս։
Աւարտին սրբազան հայրը Ռամատանին առիթով հարցազրոյց ունեցաւ Ապու Տապիի պետական կայանէն։