Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական էջէն վերահասու դարձանք, թէ այսօր (շաբաթ) Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան Լոս Անճըլըսի Փասատինա շրջանի իրավիճակին մօտէն ծանօթանալու նպատակով այդ շրջանները պիտի այցելէ։
Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը
Անցնող օրերուն, Լոս Անճելըսի եւ շրջակայքի մէջ ծայր առած մեծածաւալ հրդեհներուն պատճառաւ մարդկային եւ կենցաղային ծանր պայմաններու ենթարկուած մեր համայնքի զաւակներուն, ի մասնաւորի Փասատինայի եւ շրջակայքի մեր ժողովուրդին կողքին ըլլալու պարտականութեան կոչին ընդառաջ, Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, վաղը՝ Ուրբաթ, 10 Յունուար 2025-ին կ․ե․ժամը 4-ին պիտի այցելէ Փասատինայի շրջանը, մօտէն իրազեկ դառնալու տիրող կացութեան եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ աղօթական զօրակցութեամբ հանդիպելու շրջանի աղիտահար մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ։
Դժուարին եւ ծանր կացութիւնները հաւաքական ճիգերով ու զօրակցութեամբ դիմագրաւելու եւ արագագոյն ձեւով զանոնք անդրանցնելու գիտակցութիւնը մեր ժողովուրդի գոյատեւման դարաւոր աւանդներէն մէկն է։
Այսօր եւս պահն է այդ գիտակցութեան։