Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեան, օրերս, նախագահած է Հալլէի Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող պատարագին։ Առաջնորդ սրբազանը նոր օրհնեալ Սրբալոյս միւռոնով կատարած է ջրօրհնէք եւ օծած է եկեղեցւոյ գլխաւոր մուտքի վերնամասին տեղադրուած խաչը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Կիրակի, Նոյեմբեր 10-ին, Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեան նախագահած է Հալլէի Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող պատարագին, ձեռամբ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Յակոբ քահանայ Յակոբեանի։
Առաջնորդ սրբազանը պատարագին ներկայ հաւատացեալներուն հաղորդած է օրուան աւետարանական պատգամը, նոր օրհնեալ Սրբալոյս միւռոնով ջրօրհնէք կատարած եւ օծած է եկեղեցւոյ գլխաւոր մուտքի վերնամասին տեղադրուած խաչը։
Արարողութեանց աւարտին Սերովբէ սրբազան ներկայ եղած է տեղւոյն համայնքի մատաղօրհնութեան առիթով վարչութեան կողմէ կազմակերպուած սիրոյ սեղանին։ Այս ուրախ առիթներով Սրբազան հայրը իր գնահատանքը յայտնած է Յակոբ քահանային եւ Համայնքի վարչութեան՝ իրենց նուիրեալ ծառայութեան եւ համայնքային կեանքի աշխուժացման միտող իրենց աշխատանքներուն համար։