image

Գերմանիոյ մէջ. Հեսսենի հայ համայնքի նոր «Հայ տուն» կեդրոնի բացումը

Գերմանիոյ մէջ. Հեսսենի հայ համայնքի նոր «Հայ տուն» կեդրոնի բացումը

Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Սերովբէ Սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ օրերս տեղի ունեցած է Հեսսենի հայ համայնքի նոր «Հայ Տուն»ի բացումը եւ առաջին տնօրհնէքի արարողութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12-ին, Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Սերովբէ Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ, տեղի ունեցած է Հեսսենի հայ Համայնքի նոր «Հայ տուն»-ի բացումը եւ առաջին տնօրհնէքի արարողութիւնը։

Հանդիսութեան ներկայ եղած են Ռոթենպախի քաղաքապետը, քրիստոնէական տարբեր եկեղեցիներու հոգեւորականներ եւ ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ հիւրեր ու հայորդիներ։