image

Տանըլտ Թրամփ ընտրուեցաւ դառնալով ԱՄՆ 47-րդ նախագահ

Տանըլտ Թրամփ ընտրուեցաւ դառնալով ԱՄՆ 47-րդ նախագահ

Ամերիկեան լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ նախնական արդիւնքներով նախագահական ընտրութիւններուն յաղթած է Տանըլտ Թրամփը։

Fox News-ի տուեալներով Թրամփ հաւաքած է ընտրիչներու 277 ձայն, Հարիսը՝ 226։

Ըստ New York Times-ի՝ Թրամփ ստացած է 267 ձայն, Հարիսը 224: Լրատուամիջոցի գնահատմամբ` Թրամփի յաղթանակի հաւանականութիւնը 95 տոկոս է։

Տանըլտ Թրամփն արդէն հանդէս եկած է յաղթական ելոյթով, որուն մէջ ըսած է. «Սա խենթանալիք է, կ՚ուզեմ ամերիկացիներուն շնորհակալութիւն յայտնել՝ զիս ԱՄՆ 47-րդ նախագահ ընտրելու համար։ Ես պիտի պայքարիմ բոլորիդ համար, հանգիստ պիտի չառնեմ, մինչեւ չկառուցենք արդար, զօրեղ Ամերիկա։ Սա Ամերիկայի ոսկեայ դարը պիտի ըլլայ»։

cnbc.com-ն ալ գրած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ Ուեսթ Փալմ Պիչի մէջ իր աջակիցներու ներկայութեամբ ինքզինք նախագահ յայտարարած է:

«Մենք կը պատրաստուինք օգնելու մեր երկրին ապաքինուիլ: Մենք կը պատրաստուինք մեր երկրի վերաբերեալ ամէն ինչ շտկելու: Այս երեկոյ մենք պատմութիւն կերտեցինք», -ըսած է Թրամփ Ուեսթ Փալմ Պիչի մէջ իր աջակիցներուն:

Աղբիւրը նկատած է, որ ո՛չ Թրամփը, ո՛չ դեմոկրատների թեկնածու Քամալա Հարրիսը չեն ապահոված յաղթելու համար անհրաժեշտ 270 ձայնը:

Թրամփ ԱՄՆ երկրորդ նախկին նախագահն է, որ յաղթած է ոչ յաջորդական երկրորդ ժամկէտին՝ 1892 թուականին Կրովըր Քլիվլենտէն ետք։

Տանըլտ Թրամփը յաղթանակի կապակցութեամբ արդէն շնորհաւորած են Ֆրանսայի, Հունգարիոյ, Սերպիոյ, Ուքրանիոյ, Միացեալ Թագաւորութեան, Իտալիոյ եւ Վրաստանի ղեկավարները։