image

Գերմանիա. Հայաստան առանձին տաղաւարով պիտի մասնակցի Լայփցիկի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին

Գերմանիա. Հայաստան առանձին տաղաւարով պիտի մասնակցի Լայփցիկի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին

Մարտ 27-30 տեղի ունեցող Լայփցիկի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին՝ Հայաստան պիտի մասնակցի առանձին տաղաւարով։

Այս տարի Հայաստանի մասնակցութիւնը մեծապէս միտուած է հայ մեծանուն բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի 150-ամեայ յոբելեանին, անոր ստեղծագործութիւններու տարածմանն ու հանրահռչակման:

ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութիւնը Հայաստանի ազգային տաղաւարը պիտի ներկայացնէ Հայաստանի ազգային գրադարանի եւ Աւետիք-Իսահակեանի տուն-թանգարանի հետ համագործակցութեամբ: Տաղաւարը պաշտօնապէս պիտի բացուի մարտ 27-ին՝ 12:00-ին։ 

Լայփցիկի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսը համագործակցութեան եւ հաղորդակցութեան կարեւորագոյն հարթակ է, որ կը համախմբէ ամբողջ աշխարհի գրական համայնքները, ընթերցողները, պետական կառոյցները, հրատարակչութիւնները, գրական գործակալութիւնները, թարգմանիչները, մասնաւոր ընկերութիւնները, մետիա մասնագէտները։

Ցուցահանդէս-տօնավաճառի շրջածիրէն ներս ազգային եւ անհատական տաղաւարներու մէջ պիտի ներկայացուին ծրագիրներ, երկխօսութիւն-քննարկումներ, միջոցառումներ, ցուցադրութիւններ, հանդիպումներ, ներկայացումներ։