Նախագահութեամբ եւ հովանիովը Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի օրերս Գէմպրիճի մէջ տեղի ունեցած է տեղի Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւժ տրուած լրատւութիւնը՝
Շաբաթ, 8 Նոյեմբեր 2025-ին Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը, Գէմպրիճի մէջ։
Ներկայ էին նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեան եւ եկեղեցւոյ մօտ ներկայացուցիչ՝ Պարոն Կարօ Փոսթաճեան։
Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեան, բարի գալուստի խօսք ուղեց եւ ներկայացուց Եկեղեցւոյ ծրագիրները։
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։
Ապա, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը յուշանուէր մը փոխանցեցին Եկեղեցւոյ նախկին Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէկեանին։
Ճաշկերոյթի ընթացքին, Տէր Նշանի խմբավարութեամբ նորակազմ երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը երգեր։
Ապա, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ գնահատեց Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեանը եւ Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Հոգաբարձական կազմի անդամները անոնց նուիրումին եւ անսակարկ ծառայութեան համար։ Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նորակազմ երգչախումբը մկրտեց «ԿԻԼԻԿԻԱ» անունով։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ:
Իսկ, Կիրակի, 9 Նոյեմբեր-2025-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, նախագահեց եւ իր պատգամը փոխացեց, Գէմպրիճի Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ մէջ։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժն. Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեանը։

