Դիմատետրի օգտատէրերը լուսանկարներ ու տեսանիւթեր հրապարակած են Գեղարքունիքի մարզի տարբեր քաղաքները տեղացած կարկուտի ու անձրեւի մասին։
Հրապարակուած տեսանիւթերուն մէջ կ'երեւի Գեղարքունիքի Վարդենիս քաղաքը տեղացած կարկուտը, իսկ լուսանկարներուն՝ Փամբակի շրջանի։
