image

Կարկուտը ծեծած տեղը կը ծեծէ

Կարկուտը ծեծած տեղը կը ծեծէ

ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Արէն Տէյիրմէնճեան կը գրէ ՝

Այնքան ուշագրաւ է, թէ որքան անզգայացած կը թուինք ըլլալ մեր շուրջը կատարուող իրադարձութիւններու նկատմամբ։ Թէեւ իւրաքանչիւր օրը վատի ու լաւի համադրութիւն է, ինչ-ինչ պատճառներով մենք կարծես միշտ վատը կը յիշենք:

Մայիսին ականատեսը եղանք Հայաստանի մէջ նոր վերաձեւաւորուած ընդդիմութեան ընդվզման։ Տեսանք նաեւ աննախադէպ աւերիչ ջրհեղեղներ հիւսիսային շրջանը: Իսրայէլի յարձակումը Ռաֆահի վրայ սարսափելի էր եւ ցաւալի, իսկ Իրանի նախագահական ուղղաթիռի ողբերգական վթարը ցնցեց բոլորս:

Այնուամենայնիւ, եթէ ուշադրութիւն դարձնենք, կրնանք նկատել նաեւ լաւը: Բռնի տեղահանումէն ետք, Հայաստանը լքած 10000+ արցախցիներէն աւելի քան 3000-ը «արտագաղթ»էն վերադարձած է հայրենիք։ Անցեալ շաբաթ, Հայաստանը, Երեւանի մէջ հիւրընկալեց վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան տարեկան հանդիպման ֆորումը եւ խոստմնալից միջոցներ ստացաւ։ AMAA-ն ընդլայնած է իր հասանելիութիւնը՝ միայն վերջին մէկ ամսուայ ընթացքին, ծառայելով աւելի քան 500 ընտանիքի, եւ ունենք ընտանիքներ, որոնք գիւղերու մէջ արդէն կու տան իրենց նոր կեանքի առաջին ծիլերը, բան մը, որ այնքա՜ն մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ։

Սովորաբար կ՚ըսենք. «Կարկուտը ծեծած տեղը կը ծեծէ»: Մինչդեռ ես նաեւ հասկցած եմ, որ երբեմն նոյն տրամաբանութիւնը կը գործէ բարիքներու պարագային:

Երբեմն մենք կ՚օրհնուինք շատ աւելի մեծ գթասրտութեամբ, քան արժանի ենք:

Կախուած է այն բանէն, թէ ինչպէս կը նայինք երեւոյթներուն։

 

Արէն Տէյիրմէնճեան


AMAA-ի Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն