image

Կարկուտը մեծ վնասներ պատճառած է Լոռիի մարզին

Կարկուտը  մեծ վնասներ պատճառած է Լոռիի մարզին

ՀՀ Լոռիի մարզի Տաշիր խոշորացուած համայնքի Փրիւոլնոյէ գիւղին մէջ յունիս 16-ին տեղացած կարկուտի հետեւանքով տանիքներ ու մեքենաներ վնասուած են։ Տեղեկութիւնը յայտնած է գիւղի վարչական ղեկավար Էմիլ Գրիգորեանը։

Գագիկ Սուրէնեանը երէկ լուսանկար  հրապարակած էր դիմատետրեան էջին եւ նշած, որ Փրիւոլնոյէ գիւղին մէջ հաւկիթի մեծութեան կարկուտ տեղացած է:

«Մօտ 40 տանիք է վնասուել, աւելի քան 10 մեքենայ: Բայց դրանք խոշոր վնասներ կրածներինն է։ Կան նաեւ մանր վնասներ»,– Sputnik Արմենիային ըսած է գիւղի վարչական ղեկավարը։

Անդրադառնալով կարկուտի գիւղատնտեսական հետեւանքներուն` Գրիգորեանը նշած է, որ գիւղին մէջ մեծ այգիներ չկան։ Մարդիկ տնամերձ այգիներու մէջ ունին պտղատու ծառեր, որոնց բերքը եւս վնասուած է։

«Ցորենի դաշտեր ունենք, մօտ 30 հեկտարը վնասուել է»,–ըսած է ան:

Գիւղապետի խօսքով` ձուի մեծութեան կարկուտը դադարներով, բայց մօտ երկու ժամ տեղացած է: