Մայիս 28-ին՝ ժամը 12:00-ի սահմաններուն, ՆԳՆ ոստիկանութեան Գեղարքունիքի մարզային վարչույթենէն եւ ոստիկանութեան Գաւառի բաժնէն ներս տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Կարմիր եւ Սարուխան գիւղերու միջնամասի դաշտամիջեան հատուածին մէջ ճանապարհէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ քաղաքացիներ կայծակնահարուած են:
Ինչպէս յայտնած է shamshyan.com-ը, պարզուած է, որ կայծակահարութեան հետեւանքով 1 մարդ մահացած է, եւս 2-ը՝ տեղափոխուած «Գաւառ» բժշկական կնդրոն:
Դէպքի փաստով նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, կը պարզուի մահացածի եւ հիւանդանոց տեղափոխուածներու ինքնութիւնը:
Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ մահացածն ու հիւանդանոց տեղափոխուածները Գեղարքունիքի մարզի բնակիչ կանայք են: