Մալոյան արք. իր հաւատքը չուրացաւ, նոյնիսկ երբ անոր կը պարտադրէին իսլամ ընդունիլ՝ «փրկուելու փոխարէն»։ Ան նախընտրեց մեռնիլ իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդ։ Անշուշտ չենք կրնար մոռնալ, Մալոյեան Սուրբ արք.ի հանդիպումը իր մօր հետ , ուր կը նկարագրուի անոր խաղաղ դիմագիծը մահուան ճամբուն վրայ…։
«Մալոյեան արք. անսասան վկայութիւն է ՝ միասնութեան եւ արժանապատուութեան պատգամ բոլոր հայերուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն համար».Հ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան
Հայ Կաթողիկէ Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Հ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան Մալոյեան արք. սրբադասման առթիւ խօսած է «Քալամ Ղար» (Դափնիէ գրիչ) կայքին։
Գերապայծառին խօսքը ամփոփ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Գերպ. Ասատուրեան կ՚ըսէ՝
«Կը կարեւորենք, ոչ միայն Մալոյանի արք. նահատակութիւնը 1915-ին Մարտինի մէջ, այլ նաեւ վեր կ՚առնենք, անոր մարդկային կերպարը՝ իբրեւ խորունկ հաւատքով, ներողամտութեամբ ու քաջութեամբ լեցուն հոգեւոր առաջնորդ մը։
Մալոյան արք. իր հաւատքը չուրացաւ, նոյնիսկ երբ անոր կը պարտադրէին իսլամ ընդունիլ՝ «փրկուելու փոխարէն»։ Ան նախընտրեց մեռնիլ իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդ։ Անշուշտ չենք կրնար մոռնալ, Մալոյեան Սուրբ արք.ի հանդիպումը իր մօր հետ , ուր կը նկարագրուի անոր խաղաղ դիմագիծը մահուան ճամբուն վրայ…։
Իգնատիոս Մալոյան արք.ի սրբադասումը կը մարմնաւորէ ոչ միայն անցեալի ողբերգութեան յիշատակը, այլ նաեւ հաւատքի անսասան վկայութիւնը՝ միասնութեան եւ արժանապատուութեան պատգամ մը բոլոր հայերուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն համար»։