image

Գանատահայ Թեմը պիտի ունենայ հեռախօսային յատուկ յաւելուած մը (APP.).Նուիրատուներն են Գէորգ եւ Մարինա Կարապետեանները

    Գանատահայ Թեմը պիտի ունենայ հեռախօսային յատուկ յաւելուած մը (APP.).Նուիրատուներն են Գէորգ եւ Մարինա Կարապետեանները

Իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարելով Գանատահայ  Գէորգ եւ Մարինա Կարապետեանները  նպաստած պիտի ըլլանյ որ Գանատայի Հայոց Թեմը (Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեան) ունենայ  հեռախօսային համակարգի յատուկ  յաւելուած մը։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

 

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը երախտագիտութեամբ կը յայտարարէ, որ Գէմպրիճաբնակ Տէր եւ Տիկին Գէորգ եւ Մարինա Կարապետեաններ (Raffi Jewelers), Թեմիս կը նուիրեն $10,000՝ յատուկ ծրագրի մը համար։

 

Սոյն ծրագիրը, Գանատայի Հայոց Թեմի տարածքին, APP-ի մը ստեղծման համար է, որ նկատի առնուած է բոլոր տարիքներու գործածութեան համար։ Բոլոր եկեղեցիներուն եւ համայնքներուն համար օգտակար պիտի հանդիսանայ սոյն ծրագիրը, մանաւանդ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի հետեւին եւ հաղորդ դառնան մեր եկեղեցական կեանքին։

 

Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, իր գնահատանքը յայտնելով ըսաւ. «Տալը առաքինութիւն է, մանաւանդ, երբ մեր սրտէն ու հոգիէն կու տանք մեր ազգին եւ մասնակից կը դառնանք ծրագրի մը, որ կը նպաստէ երիտասարդ սերունդներուն»։