image

Գանատահայ Շուշի Պէքարեան. Տաղանդաւոր անուն եւ խոստմնալից ապագայ

 Գանատահայ Շուշի Պէքարեան. Տաղանդաւոր անուն եւ խոստմնալից ապագայ

 Նորարնոր յաջողութիւններ կը մաղթենք Շուշիին,  յուսալով  եւ վստահելով, որ ան իր դրական ճիգերը պիտի արդիւնաւորէ ոչ միայն Գանատայի, այլ նաեւ բոլորիս հայրենիք՝ Հայաստանի մէջ։

 Գանատական մամուլը կը շարունակէ հրապարակումներ կատարել Հալէպէն Մոնթրէալ փոխադրուած մեր հայրենակից երիտասարդուհի՝ Շուշի Պէքարեանին մասին։Վերջին հրապարակումը , որ յատկապէս լոյս տեսած  է  գանատական The Globe and Mail  պարբերականին մէջ կը յիշեցնեն Շուշիի կողմէ կատարուած գիւտերը կապուած փոքր օդանաւերու յատուկ եւ բնական պայմաններով գործող լիցքաւորիչներու մասին, որոնք գիտական շրջանակներուն կողմէ ընդունուած են մեծ ոգեւորութեամբ։

Կը նշուի նաեւ, որ Շուշին ներկայիս կը շարունակէ իր ուսումնառութիւնը Գանատայի մէջ։

Խօսելով մեր երիտասարդ գիւտարարին մասին աղբիւրները նաեւ կը շեշտեն, որ ան իր համագործակցութեան առաջին քայլերը արդէն նետած է Գանատայի օդային փոխադրութիւնը կազմակերպով գիտ-ուսումնասիրական կեդրոններու հետ եւ այդ անշուշտ կը նշանակէ, որ Շուշին պիտի շարունակէ դրական նորութիւններով զարմացնել իր շրջապատը։