image

Գանատահայ երախտաշատ գործիչ՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան ի պատուի

 Գանատահայ երախտաշատ գործիչ՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան ի պատուի

Արմատներով Եգիպտոսէն եւ երկար ամեակներէ ի վեր Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքը հաստատուած Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան պարգեւատրուած է եւ ստացած Մոնթրէալի քաղաքացիական բարձրագոյն շքանաշանը։ 

Հարկ կը համարենք մեր ընթերցողներուն յիշեցնել, որ Դոկտ. Կէօնճեան գիտական իր նուաճումներուն կողքին կը համարուի Գանատայի հայկական համայնքի ազդեցիկ գործիչներէն մին։ 

 Ան ՌԱԿ-ի երկար տարիներու նուիրեալ առաջնորդ է, ինչպէս նաեւ մեծ ներդրում ունի ԹՄՄ-ի շրջագծէն ներս։ 

 Այս պարգեաւտրումը, որ նորութիւն մը չէ Դոկտ. Կէօնճեանի համար աւելիով կ՚ամրագրէ անոր առաջնորդող ղեկավարի ունեցած դերը եւ ներկայութիւնը մեր հաւաքական կեանքէն ներս ու առիթ կ՚ընծայէ մեզմէ շատերուն, որ մօտէն առնչուին, մօտէն ճանչնան եւ արժէւորեն Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի նման երախտաշատ անհատականութիւնները։

 «Արեւելք» կը միանայ տարբեր համայնքերէ հնչող շնորհաւորական խօսքերուն եւ երկար ու առողջ տարիներու իր մաղթանքը կ՚աւելցնէ Դոկտ. Կէօնճեանի մեծ վաստակին։

 Ստորեւ մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսուինք այս բարեբաստիկ առթիւ «Պայքար» շաբաթաթերթի մէջ լոյս տեսած լրատւութիւնը։

 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20-ին, Գանատայի մայրաքաղաք Օթաուայի մէջ, հանդիսաւոր իրադրութեան մէջ, Գանատայի կառավարիչ Ն.Վ. Մերի Սիմոն, Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանին շնորհեց Գանատայի Order of Canada բարձրագոյն շքանշանը:

Սոյն շքանշանի շնորհումը բնութագրուած է կառավարիչի հետեւեալ գնահատականին մէջ, որ կարձանագրէ.-

«Յիսուն տարիներու ընթացքին գիտնական, հասարակական գործիչ եւ ղեկավար Արշաւիր Կէօնճեան խարսխած է հիմնաքարերը, որոնց վրայ կը բարձրանայ գանատահայ գաղութի կառոյցը:

Իր անդուլ ջանքերով սատարած է նոր գաղթականները համալրուելու՝ Քեպէքի հասարակութեան մէջ, շարունակելով դիեցնել իրենց եզակի մշակոյթը: Ան գլխաւորած է շարժումը հիմնադրելու Ալեք Մանուկեան վարժարանը, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմը Գանատայի մէջ: Իբրեւ յանձնառուն ծառայելու համաշխարհային հայ համայնքներու՝ ան ծառայած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան իբրեւ փոխնախագահ, ամբողջ տասնամեակ մը»:

Այսպիսով Դոկտ. Կէօնճեան կը հանդիսանայ գանատահայ գաղութի հիմնադիր ռահվիրայ մը:

Այս առիթով, ի սրտէ եւ երախտագիտական զգացումներով կը շնորհաւորենք մեր ղեկավար ընկերը, մաղթելով որ երկար տարիներ շարունակէ վայելել արդարօրէն վաստակուած պետական պատիւին շնորհները: