image

Գանատա. Սուրբ Գէորգի տօնը Լաւալի մէջ (Լուսանկար)

Գանատա. Սուրբ Գէորգի տօնը  Լաւալի մէջ (Լուսանկար)

Գանատայի Թեմի  Դիմատետրի   պաշտօնական էջէն  կը կարդանք՝ 

Կիրակի, 25 Սեպտեմբեր 2022-ին, Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ծխական համայնքը Ս. Պատարագով եւ մեծ խանդավառութեամբ նշեց Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան, Ս. Գէորգ Զօրավարի նահատակութեան, Վարագայ Ս. Խաչի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօները:

Արդարեւ, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքդպիսկոպոս Չարեան Ս. Պատարագ մատուցանեց Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, յաւուր պատշաճի քարոզեց, «Հանրապետական Մաղթանք կատարեց, եւ աւարտին Մատաղօրհնէքի արարողութիւնը կատարեց Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Ս. խորանին սպասարկեցին Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Աբեղայ Եագուպեանն ու Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեանը, աղօթակից ունենալով Տ. Վիգէն Աւագ Քահանայ Վասիլեանը:

Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներ, երեսփոխաններ, հոգաբարձութեանց անդամներ, գործակից միութեանց ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ առաջին հերթին անդրադարձաւ օրուան աւետարանական ընթերցումին՝ «Քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» եւ Քրիստոսի խօսքը բնաբան ընտրելով նկատել տուաւ, որ այս արտայայտութիւնը միայն քաջալերական խօսքեր չեն, այլ՝ բարիի յաղթանակն է չարին, յաղթանակը ճշմարտութեան, արդարութեան ու սիրոյ, ինչպէս որ Ս. Գէորգ Զօրավար յաղթեց աշխարհին՝ Քրիստոնէութեան դէմ ծաւալած հալածանքներուն ժամանակ նահատակուելով եւ արդարութիւնը պաշտպանելով։ Առաջնորդը շեշտեց, որ Ս. Գէորգն ու իր նման այլ սուրբեր, ինչպէս այսօրերուն հայկական բանակի քաջարի զինուորները, Քրիստոսի նոյն պատգամին անսալով իրենց արիւնը հեղեցին յանուն Քրիստոսի, հայրենիքին ու արդարութեան:

Իր պատգամի երկրորդ բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ այսօր, մեր եկեղեցին կը նշէ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը, երբ եօթներորդ դարուն, հրաշքով մը Ս. Խաչը գտնուեցաւ Վարագ լերան վրայ, եւ այնուհետեւ, մեր պատմութեան ամենադժնդակ օրերուն պահպանեց մեզ: Ան աղօթք բարձրացուց, որ Ս. Խաչի զօրութիւնը այսօր եւս հայ ժողովուրդը փրկէ երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիներէն:

Իր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, հոգաբարձութեան անդամներուն, երեսփոխաններուն, Տիկնանց միութեան, դպրաց դասին եւ բոլոր յարակից մարմիններու անդամներուն:

Քարոզէն անմիջապէս ետք, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականաց դասը «Հանրապետական Մաղթանք» ու Եռագոյն Դրօշի օրհնութիւն կատարեցին, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած՝ վասն հայրենիքի բարօրութեան, սահմաններու ապահովութեան, հայ զինուորի արիութեան, Հայաստանի հանրապետութեան ու նահատակ հերոսներու հոգւոց խաղաղութեան:

Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսաւոր թափօրով

ուղղուեցաւ դէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր կատարեց մատաղի օրհնութիւն եւ «Պահպանիչ»ով օրհնեց հաւատացեալները։ Երգուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգն ու հաւատացեալներ մատաղէն բաժին առնելով՝ օրուան խորհուրդներով լիացած մեկնեցան իրենց բնակարանները։

Իսկ նախօրէին, Շաբաթ, 24 Սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նախատօնակին եւ կատարեց Աղօրհնէքի արարողութիւն: