image

Ֆոն Տէր Լէյն Պաքու կ'երթայ նաւթ ստանալու յոյսով

Ֆոն Տէր Լէյն Պաքու կ'երթայ նաւթ ստանալու յոյսով

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն Տէր Լէյըն եւ ԵՄ-ի ուժանիւթի գծով յանձնակատար Քատրի Սիմսըն երկուշաբթի պիտի մեկնին Պաքու, ուր Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հետ պիտի քննարկեն տեղի կազը Եւրոպա առաքելու հարցը։ Ինչպէս կը սպասուի, բանակցութիւններու աւարտին գործարք պիտի կնքուի՝ ուղղուած ռուսական ուժանիւթերէն Եւրոմիութեան կախուածութեան նուազեցման եւ ձմրան կազի ակնակլուող անբաւարարութեան կրճատման, կը տեղեկացնէ «Euronews»-ը։

Այժմ Կասպեան ծովէն արդիւնահանուող վառելիքը Եւրոպա կը մատակարարուի Հարաւային կազային միջանքով։ Եւրոպական յանձնաժողովի մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ կողմերը պիտի քննարկեն ԵՄ-ի եւ Ատրպէյճանի ռազմավարական գործընկերութան հարցերը ուժանիւթի ոլորտին մէջ՝  Եւրոպայի երկիրներ բնական կազի մատակարարման զանազանութիւնը ապահովելու մէջ Ատրպէյճանի դերը բարձրացնելու նպատակով։

2021թ. Ռուսիայէն ԵՄ մատակարարուած է 155 միլիառ խորանարտ մեթր կազ, որ կը կազմէ ընդհանուր սպառման 40 տոկոսը։ Պրիւքսէլի մէջ յոյս ունին, որ կը կարողանան Հարաւային կազային միջանցքով ամէն տարի ստանալ 20 միլիառ խորանարտ մեթրէն ոչ պակաս  վառելիք՝ մինչեւ 2027թ. եւ Ատրպէյճանը կը համարեն «յուսալի գործընկեր»։