Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց, Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր եւ Լեհաստանի վարչապետ Տանըլտ Թուսք համատեղ յայտարարութեամբ կոչ ըրած են Ռուսիոյ համաձայնելու 30 օրեայ լիարժէք եւ առանց պայմաններու հրադադարին:
Յայտարարութիւնը հրապարակած է Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութեան կայքը։
«Մենք կը վերահաստատենք մեր աջակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի խաղաղութեան համաձայնագիրի կոչերուն եւ կոչ կ'ընենք Ռուսիոյ դադրեցնելու կայուն խաղաղութիւն ապահովելու ջանքերուն խոչընդոտելը։ Միացեալ Նահանգներու հետ միասին մենք կոչ կ'ընենք Ռուսիոյ համաձայնելու լիարժէք եւ առանց պայմաններու 30 օրեայ հրադադարին՝ արդար եւ երկարատեւ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններու համար», - ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են ըստ հնարաւորութեան շուտ աջակցիլ խաղաղութեան բանակցութիւններուն, քննարկել հրադադարի իրականացման տեխնիկական հատուածը եւ պատրաստուիլ լիարժէք խաղաղութեան համաձայնագիրի:
Երկիրներու ղեկավարները պատրաստակամութիւն յայտնած են նաեւ մեծցնել իրենց աջակցութիւնը Ուքրանիոյ։
Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Լեհաստանի ղեկավարները 10 մայիսին ժամանած էին Քիեւ՝ մասնակցելու «Կամաւորներու դաշինք»ի հանդիպման։