Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ Փարիզը որոշած է հեռահար հրթիռներ մատակարարել Քիեւին։ Այս որոշումը կայացուած է Ուքրանիոյ մէջ զինուած ուժերու յարձակման աջակցելու նպատակով։ Ան հրթիռներու քանակի մասին տեղեկութիւն չէ յայտնած, գրած է kommersant.ru-ն։
AFP-ը պարզաբանած է, որ խօսքը Scalp հրթիռներու մասին է։
«Ես որոշած եմ մեծցնել զէնքի եւ ռազմական սարքերու մատակարարումը, որ ուքրանացիներուն հնարաւորութիւն տամ հեռահար հարվածներ հասցնել՝ պահպանելով մեր սկզբունքը, որ թոյլ կու տայ Ուքրանիոյ պաշտպանել իր տարածքը», - ըսած է Մաքրոն Վիլնիուսի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովին ժամանելուն պէս:
Քրեմլը սխալ համարած է Ուքրանիոյ զինուած ուժերուն հրթիռներ մատակարարելու Ֆրանսայի որոշումը։ «Դեռ պէտք է յստակեցուի, թէ ինչ կործանման շառաւիղի մասին է խօսքը։ Այս որոշումը սխալ է եւ յղի է հետեւանքներով ուքրանական կողմի համար։ Հրթիռները չեն ազդեր յատուկ ռազմական գործողութեան ընթացքի վրայ, այլ միայն կը բարդացնեն Քիեւի ռեժիմի ճակատագիրը»,-ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։