image

Ֆրանսան, առաւել քան երբեւէ, Հայաստանի կողքին է. Ֆրանսացի դիւանագէտ

Ֆրանսան, առաւել քան երբեւէ, Հայաստանի կողքին է. Ֆրանսացի դիւանագէտ

Ֆրանսայի նախագահի հովանիին ներքոյ, մօտ ապագային Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ հայ-ֆրանսական համաժողով, որ նոր հեռանկարներ պիտի բանայ հայ երիտասարդութեան առջեւ եւ պիտի նպաստէ հայ-ֆրանսական երկկողմ կապերու ամրապնդման: «Այդ մասին Հայաստան-Ֆրանսայ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին նուիրուած միջոցառման ընթացքին տեղեկացուց Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիսթ Լըմուանը` շնորհաւորելով երկու երկիրները կարեւոր տարեդարձն առիթով:

«Արդէն երեսուն տարի է` Ֆրանսան, առաւել քան երբեւէ, Հայաստանի կողքին է`օգնելով անոր վերականգնիլ եւ նայիլ դէպի ապագայ: Սա ուրախութեան պահ է: Կեցցէ՛ ֆրանս-հայկական բարեկամութիւնը: Եւ ի գործ դէպի գալիք 30 տարիներ», ըսաւ  ֆրանսացի դիւանագէտը:

Լըմուանը նաեւ տեղեկացուց, որ ֆրանսական կողմը ՀՀ արտաքին գործոցի նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ ստորագրած է տնտեսական համագործակցութեան մի յաւակնոտ ճանապարհային քարտէզ, եւ շուտով Ֆրանսայի նախագահի բարձր հովանիին ներքոյ Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆրանսական եւ հայ քաղաքացիական հասարակութիւններու համագործակցութեան` «Յաւակնութիւններ. Ֆրանսա-Հայաստան» խորագիրը կրող համաժողովը:

«Այն պիտի միաւորէ երկկողմ յարաբերութիւններու հիմնական դերակատարները եւ համոզուած եմ` թոյլ պիտի տայ ի յայտ բերել նոր գաղափարներ եւ նոր նախագիծեր: Համաժողովին նպատակն է հեռանկար բանալ հայ երիտասարդութեան առջեւ եւ աւելի ամրապնդել մեր երկու երկիրներուն միջեւ կապերը», յաւելեց Ժան-Պաթիսթ Լըմուան: