image

«Ֆիթր»ի տօնը առա՞նց հացի. Նոր տագնապ Լիբանանի մէջ

  «Ֆիթր»ի տօնը առա՞նց հացի. Նոր տագնապ Լիբանանի մէջ

Համակեցութեան երկիր հանդիսացող  Լիբանանի մէջ  ինչպէս քրիստոնէական Սուրբ Զատկուան տօնը, այնպէս ալ «Ռամազան»ի ամիսը, հետեւաբար նաեւ «Ֆիթր»ի օրհնաբեր տօնը կարեւոր նշանակութիւն ունին։

 

Լիբանանցիք  իսլամական «Ֆիթր»ի տօնը կրնան նշել առանց հացի։ 

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց  Lebanon Files կայքէն։

 

Աղբիւրը նաեւ կը հաստատէ, որ մինչեւ այս պահը Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատուն չէ հաստատած ալիւր քնելու համար նախատեսուած գումարային յատկացումը, որուն հետեւանքով ալ յառաջիկայ օրերուն  Լիբանանի ողջ տարածքին գտնուող հացի փուռերը պիտի կանգնին լուրջ տագնապի մը առջեւ։

Քաղաքացիներ, որոնք մեծ թափով կը պատրաստուին նշելու  «Ֆիթր»ի տօնը պիտի յայտնուին բարեբաստիկ այս տօնը առանց հացի նշելու խնդրին առաջ։

 Առաջին անգամը չէ, որ Լիբանան կը կանգնի  ալիւրի հետեւաբար նաեւ հացի տագնապի մը սեմին, սակայն աւելի քան երեւելի է, որ Կեդրոնական Դրամատունը կանգնած է  պիտանի գումարները ապաովել չկարենալու բարդութեան դիմաց։ 

 

Համակեցութեան երկիր հանդիսացող  Լիբանանի մէջ  ինչպէս քրիստոնէական Սուրբ Զատկուան տօնը, այնպէս ալ «Ռամազան»ի ամիսը, հետեւաբար նաեւ «Ֆիթր»ի օրհնաբեր տօնը կարեւոր նշանակութիւն ունին։