Օրերս, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է համերգ մը, որու ընթացքին հանդէս եկած են արժանթինահայ տուտուկահար Գագիկ Գասպարեան եւ Պոլսոյ համայնքէն Էտվին Կալիպօղլու, որ երգեհոնով նուագակցած է անոր։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ» թերթէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ համերգ մը, որու ընթացքին հանդէս եկան արժանթինահայ տուտուկահար Գագիկ Գասպարեան եւ մեր համայնքէն Էտվին Կալիպօղլու, որ երգեհոնով նուագակցեցաւ իրեն։ Ձեռնարկը պատուեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան եւ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, որ երեկոյթի հովանաւորն էր։
Յայտագրի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Պատրիարքական Աթոռի հրատարակչական եւ տեղեկատուական բաժանմունքներու տեսուչ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
Երկու արուեստագէտները, որոնք արժանացան բուռն ծափահարութիւններու, հուսկ բանքի ժամանակ արժանացան նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գնահատանքին։
Հուսկ, յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։
Միւս կողմէ, համերգի մասնակից արուեստագէտները երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուին Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցան Նորին Ամենապատուութեան կողմէ։