Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոէլ Պարրոն յայտարարած է, որ Եւրոպան կը պատրաստէ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու նոր փաթեթ՝ Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններու «ձախողման» պարագային։ Միջոցառումները կրնան համաձայնեցուիլ երկրորդական պատժամիջոցներու օրինագիծի հետ, որ առաջարկած է ամերիկացի ծերակուտական Լինտսի Կրեհըմը: Այս մասին Պարրոն ըսած է AFP-ին։
Մայիս 1-ին հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրեհըմը նախագիծ պատրաստած է Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ երկրորդական պատժամիջոցներու մասին։ Ըստ այդմ՝ կ՚առաջարկուի 500 տոկոս մաքսատուրք մտցնել այն երկիրներէն ներմուծման համար, որոնք կը գնեն ռուսական նաւթ, նաւթամթերք, բնական կազ կամ ուրան։
«Մենք՝ եւրոպացիներս, կը պատրաստուինք միանալ ամերիկեան այս նախաձեռնութեան՝ պատժամիջոցներու 17-րդ փաթեթով, եւ երէկ ես Լինտսի Կրեհեմի առաջ պարտաւորեցայ, որ մենք պիտի փորձենք համակարգել այս երկու փաթեթները», - AFP-ին ըսած է Ժան Նոէլ Պարրոն։
Փետրուարին Միացեալ Նահանգներու նախագահը եւս մէկ տարիով երկարաձգած է Ռուսիոյ դէմ բոլոր սահմանափակումները։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն յայտարարած է, որ Ուաշինկթընը նոր պատժամիջոցներ պիտի չսահմանէ Մոսկուայի դէմ, որ չխոչընդոտէ Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման։