Եւրոպական Միութիւնը որոշած է աւելցնել Հայաստանի մէջ դիտորդական առաքելութեան դիտորդներու թիւը՝ 138-էն հասցնելով 209-ի։ Այդ մասին դեկտեմբեր 11-ին Եւրոմիութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելը։
«Մենք ներկայիս կ՚աշխատինք Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ։ Որպէս այս համագործակցութեան առաջին քայլ՝ այսօր Եւրոպական Միութեան խորհուրդը որոշեց զօրացնել մեր առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ՝ աւելցնելով մեր ներկայութիւնը՝ 138-էն հասցնելով 209-ի: Սա միջոց է բարձրացնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջազգային սահմանի կայունութիւնը։ Մենք կը կարծենք, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու պատմական հնարաւորութիւն կայ։ Մենք յանձնառու ենք շարունակելու մեր աջակցութիւնը այս ջանքերուն` համատեղ աշխատելով թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի հետ»,- նշած է Պորելը:
Յիշեցնենք, որ Յունուար 23-ին Եւրոմիութեան նախարարներու խորհուրդին մէջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր Հայաստան Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւն ուղարկելու վերաբերեալ։ Առաքելութեան նպատակը Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու մէջ կայունութիւն ապահովելն է եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորմանն ուղղուած Եւրոպական Միութեան ջանքերուն նպաստող միջավայր ստեղծելը։ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը նախնական պիտի ըլլայ երկու տարի ժամկէտով։