image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոպական Միութիւնը ազնիւ միջնորդ է. Ալիեւ յարեց Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումներ կայացնելու մասին

Եւրոպական Միութիւնը ազնիւ միջնորդ է. Ալիեւ յարեց  Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումներ կայացնելու մասին

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յաջորդ հանդիպումը կը նախատեսուի կայացնել Մայիսին Պրիւքսէլի մէջ: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը «Հարաւային Կովկաս. զարգացում եւ համագործակցութիւն» միջազգային համաժողովի մասնակիցներու հետ հանդիպման ժամանակ:

Երկրի ղեկավարը նշած է Եւրոմիութեան, մասնաւորապէս Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի աշխոյժ դերը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ` յիշեցնելով, որ ԵՄ նախաձեռնութեամբ արդէն կայացած է 2 եռակողմ հանդիպում:

«Մենք նաեւ հեռախօսազրոյցներ կ'ունենանք: Կը նախատեսուի Մայիսի սկիզբը կրկին կայացնել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներու հանդիպումը Պրիւքսէլի մէջ», ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Ան ընդգծած է, որ Պաքուն բարձր կը գնահատէ ԵՄ դերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու յետհակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ:

«Մենք Եմ-ն կը համարենք ազնիւ միջնորդ եւ կ'ողջունենք անոնց ջանքերը: Եթէ Մինսքի խումբը այժմ չի գործեր, մենք կը կարծենք, որ ԵՄ-ն կրնայ իր դերը կատարել կարգաւորման գործընթացին մէջ», ըսած է Ալիեւ:

«Մենք կը սատարենք անոր եւ արդէն կը տեսնենք մեր աշխատանքին պտուղները… Պրիւքսէլը դարձած է իմ հիմնական այցելութիւններուս վայրը», յաւելած է ան: