image

Եթէ տակաւին միջուկայինի մասին կը խօսի. Պայտըն սլաքներ նետեց Փութինին

Եթէ տակաւին միջուկայինի մասին կը խօսի. Պայտըն սլաքներ նետեց Փութինին

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն ըսած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի զայրացած հռետորաբանութիւնը միջուկային զէնքի եւ աշխարհին ուղղուած սպառնալիքներու վերաբերեալ կը յուշէ, որ ան կը պատրաստուի զանգուածային ոչնչացման զէնք կիրառելու, գրած է Daily Mail-ը:

Պարբերականը նկատած է, որ շաբաթներ շարունակ ամերիկացի պաշտօնեաներ կ'ըսէին, որ չեն տեսներ ապացոյցներ առ այն, որ Ռուսիա փոխած է իր միջուկային դիրքորոշումը՝ հակառակ մտավախութիւններուն, որ Մոսկուան կրնայ պատրաստուիլ Ուքրանիոյ մէջ վերջին յուսահատ հարուածին:

Բայց հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին Պայտընին հարցուցած են, թէ արդեօք ան կը հաւատա՞յ Փութինին, որ աւելի վաղ ըսած էր, որ մտադիր չէ քիմիական կամ միջուկային զէնք օգտագործել Ուքրանիոյ մէջ:

«Եթէ ան մտադրութիւն չունի, ինչո՞ւ կը շարունակէ այդ մասին խօսիլ: Ինչո՞ւ ան կը խօսի մարտավարական միջուկային զէնք օգտագործելու ունակութեան մասին։ Ան շատ վտանգաւոր է այն առումով, թէ ինչպէս կը մօտենայ միջուկայինի հարցին: Ան կրնայ վերջ տալ այս ամէնուն, հեռանալ Ուքրանիայէն», - ըսած է News Nation-ին։

«Ան չի կատակեր, երբ կը խօսիէ մարտավարական միջուկային զէնքի կամ կենսաբանական կամ քիմիական զէնքի հնարաւոր կիրառման մասին», -այլ առիթով ըսած էր Պայտըն: