ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն CNN-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ Իսրայէլի կողմէ ամերիկեան զէնքի կիրառման հետեւանքով խաղաղ բնակիչներ զոհուած են։ Պայտըն նաեւ ըսած է, որ ԱՄՆ-ն զէնք պիտի չմատակարարէ Իսրայելին, եթէ իսրայէլեան բանակը մտնէ Ռաֆահ։
«Ես յստակ ըսեր եմ, որ եթէ անոնք մտնեն Ռաֆահ, անոնք դեռ չեն մտած Ռաֆահ, ապա ես չեմ մատակարարեր զէնք, որ պատմականօրէն օգտագործուած է Ռաֆահի դէմ՝ քաղաքներու դէմ պայքարելու համար», -ըսած է Պայտըն:
Իսրայէլի կողմէ Կազայի հատուածին մէջ 2000 ֆունտանոց ռումբերու կիրառման հետեւանքով խաղաղ բնակիչներ զոհուած են, ըսած է ԱՄՆ նախագահը։
ԱՄՆ-ն այդ ռումբերն Իսրայէլ մատակակարած է 2023 թուականի դեկտեմբերին։
CNN-ը նշած է, որ ԱՄՆ նախագահը ենթարկուած է ուժեղ ճնշման, այդ շարքին՝ իր կուսակցութեան անդամներու կողմէ՝ սահմանափակելու Իսրայէլ զէնքի առաքումները Կազայի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ: Մինչ այժմ նախագահը կը դիմադրէր այդ կոչերուն եւ վճռականօրէն կ՚աջակցէր «Համաս»-ին հետապնդելու Իսրայէլի ջանքերուն։ Այդուհանդերձ, մօտալուտ ներխուժումը Ռաֆահ՝ Կազայի հարաւային քաղաք, ուր ապաստան գտած է աւելի քան մէկ միլիոն պաղեստինցի խաղաղ բնակիչ, կարծես թէ փոխած է Պայտընի դիրքորոշումը:
«Մենք չենք հրաժարիր Իսրայէլի անվտանգութենէն. մենք կը հրաժարինք այդ տարածքներուն մէջ պատերազմ մղելու Իսրայէլի կարողութենէն», -ըսած է Պայտըն:
Պայտըն աւելցուցած է, որ մինչ ԱՄՆ-ն կը շարունակէ պաշտպանական սպառազինութիւն տրամադրել Իսրայէլին, այդ շարքին՝ իր «Երկաթեայ գմբէթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի համար, այլ տեսակի մատակարարումները պիտի դադարեցուին, եթէ սկսի Ռաֆահ խոշոր ցամաքային ներխուժումը: