Ատրպէյճանի կողմէ Ստեփանակերտ-Գորիս միջպետական մայրուղին փակելու պատճառով Բերդաձորի ենթաշրջանի Մեծ շէն համայնքի կապը նոյնպէս կտրուած է մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ։ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի արգելափակման հետեւանքով արցախցիներէն մաս մը կը շարունակէ մնալ Մեծ շէն։
«Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին Մեծ շէնի համայնքապետ՝ Դաւիթ Դաւթեան ըսած է, որ այս պահու դրութեամբ ոչինչի պակաս ունին գիւղի բնակիչները։
«Բնականաբար, անհանգստացնող է մայրաքաղաքի հետ կապի բացակայութիւնը, երկարատեւ լինելու դէպքում կենսական խնդիրների առջեւ կարող է կանգնեցնել մեր բնակիչներին», - նշած է համայնաքապետը։
Դ. Դաւթեան իրազեկած է, որ ճանապարհին մնացած անձերու մէկ մասը տեղաւորուած է Մեծ շէն։
«Որոշ մեր հայրենակիցների նաեւ մեր տանն ենք տեղաւորել», - ըսած է համայնքապետը՝ աւելցնելով, որ այս օրերուն գիւղի դպրոցին մէջ կը շարունակուի դասաւանդութիւնը դասասենեակներու ջեռուցումն իրականացնելով ելեկտրական տաքացուցիչներով։