image

Էրտողանի «Կարապի երգը»

Էրտողանի  «Կարապի երգը»

Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝

Այն ինչ որ կը խօսուէր նախքան Թուրքիոյ վերջին ընտրութիւններու կայացումը, այսօր արդէն դանդաղօրէն կը մտնէ իրական փուլ։

Խօսքը Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի յառաջիկայի ՝ 2028-ի ընտրութիւններուն չմասնակցելու մասին է, որուն մասին նշում ըրաւ ինք անձնապէս՝ Էրտողան։ Հաւաստելով, որ պիտի չմասնակցի այդ «սպասուած» ընտրութեանց, հետեւաբար նաեւ հեռանայ քաղաքական ասպարէզէն։

Էրտողան նաեւ դուռը լայն բացաւ իրեն համախոհ եւ ճանապարհակից երկու դէմքերուն առջեւ, որոնք կը համարուին իր «բնականոն» քաղաքական ժառանգորդները։

Աւելի քան յստակ է, որ Էրտողան պիտի չկրկնէ իր ծանրութիւնը ունեցող կարգ մը առաջնորդներու սխալները եւ թոյլ պիտի չտայ, որ Թուրքիոյ ընտրողը ի վերջոյ «վրէժ» լուծէ եւ զինք պատէ-պատ զառնելով խայտառակէ ու այդպէս ալ նետէ պատմութեան փոշիներուն մէջ։

Սուլթանութեան երազով գործած Էրտողան, որուն հռետորաբանութիւնը կամաց-կամաց կը փոխուի շատ լաւ կը հասկնայ, որ հանրութեան համար չունի առաջուած «հմայք»ը, չունի նաեւ տնտեսական հրաշքներ գործելու ու պարզ քաղաքացին անգործութեան կամ կէս անօթի վիճակէն դուրս բերելու ունակութիւնը։

Չունի նաեւ Արեւմուտքէն եւ առնուազն ԱՄՆ-էն մեծագումար յատկացումներ ունենալու կամք, կամ ալ ատոր հասնելու համար Ռուսներէն ամբողջական ապահարզան մը իրականացնելու ու կտրական հեռացում մը ընելու բաւարար կամք։

Էրտողան յոգնած է, յոգնած է ներքին պայքարներէն, յոգնած է արաբական աշխարհի ուղղուած աղաջական մօտեցումներէն, յոգնած է Սուրիոյ մէջ իրեն հովանաւորեալ համարուող իսլամիստներէն, յոգնած է քիւրտերուն դէմ իր հրամանով ընթացք առած մեծ ու փոքր մակարդակի գործողութիւններով։

Յոգնած է մանաւանդ ԱՄՆ-ին հետ «ջիղերու պատերազմ»էն ու աւելի քան յայտնի է, որ բոլոր առումներով պիտի փորձէ համոզել, որ իր գլխաւոր հետեւորդները, «ետ տուն պիտի դառնան» ու հեռանան Ռուսաստանէն։

Էրտողանի հեռացումով ալ մենք պիտի տեսնենք Ռուսիա- Թուրքիա «մեղրամիս»ի հեռացման փուլին սկիզբը։

Այդ անպայման չի նշանակեր թշնամութիւն Ռուսներուն դէմ, այլ կը նշանակէ Մոսկուայի չտալ այն ինչ, որ մինչեւ հիմա կը տրուէր եւ այս բազում գետիններու վրայ։

Ամէն պարագայի Էրտողան, եթէ հաստատակամ մնայ իր որոշումին վրայ իր կուսակցութիւնը պիտի փրկէ ամբողջական ջախջախումէն, իսկ իրմէ ետք եկող առաջնորդը կամ երկու հիմնական առաջնորդները պիտի շարունակեն իրենց հին- նոր վարքագիծը, անշուշտ հեռու մնալով Էրտողանին յատուկ ռազմաշունչ հռետորաբանութիւնէն ու վստահեցնելով, Արեւմուտքին, որ իրենք միայն ու միայն Արեւմուտքի հովանավորեալներն ու սիրուած «բալիկներ»ն են։

Այս հունով Թուրքիան հեռու կրնայ մնալ մեծագոյն ցնցումներէ, անշուշտ (դարձեալ կրկնելու գնով կը գրեմ), եթէ Էրտողան մինչեւ վերջ հաստատակամ մնայ այս որոշումին վրայ։

Ի հարկէ Ատրպէյճանի կտրուածքով ալ ահագին եւ մեծ ենթադրութիւններու կտրուածքներ եւ շերտեր կան, որոնց մասին հարկ է աւելի երկար մտածել հասկնալու համար, որ Պաքու ինչքանով թեքուած է դէպի Ռուսաստան եւ ինչքան այդ թեքումը պիտի չխանգարէ, որ Անգարա-Պաքու այսօրուան յարաբերութիւնները մնան նոյն հունի մէջ ու առնուազն չտուժեն։

Միով բանիւ սակայն, Ալիեւի համար Էրտողանի հեռանալը բաւական թանկ պիտի նստի, որովհետեւ անկէ ետք իշխանութեան հասնողները նոյն պրիսմակով չէ, որ պիտի դիտարկեն իրադրութիւնը եւ այդ ալ նոյնիսկ երեւցաւ Էրտողանի վերջին «յորդորներ»ուն մէջ, որ Պաքուին կը թելադրէր անպայման խաղաղութեան առանցք մը գտնել Հայաստանի հետ։