Հայաստանի եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած Թուրքիոյ ջանքերը դիւանագիտութեան վարուելագիտական փոփոխութիւն կը ներկայացնեն, այլ ոչ թէ` արժէքներու վրայ հիմնուած յանձնառութիւն բարեկամական յարաբերութիւններուն, ըսած է Ուաշինկթընի մէջ Ժողովրդավարութիւններու պաշտպանութեան հիմնադրամի (FDD) թրքական ծրագրի աւագ տնօրէն Այքան Էրտեմիրը:
Թուրքիան եւ Հայաստանը յատուկ բանագնացներ նշանակած են` 1990-ականներու սկիզբը խզուած դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման եւ ընդհանուր սահմանի բացման համար: Անոնց առաջին հանդիպումը կայացաւ Մոսկուայի մէջ, Յունուար 14-ին:
Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ յաջորդ ամիս կրնայ այցելել Անգարա այն բանէն ետք, երբ Իսրայէլը զգուշօրէն ողջունեց Թուրքիոյ տարածաշրջանային քաղաքականութեան եւ պաղեստինեան հարցով տարաձայնութիւններուն պատճառով խզուած յարաբերութիւնները վերականգնելու կոչերը:
«Էրտողանը յոյս ունի, որ Իսրայէլի եւ Հայաստանի հետ իր աշխատանքը մեծ ազդեցութիւն կ'ունենայ, մասնաւորապէս, հայկական եւ հրէական լոպիի վրայ Ուաշինկթընի եւ ընդհանրապէս ԱՄՆ-ի մէջ», ըսած է Էրտեմիրը: Անոր խօսքով` Էրտողանը յոյս ունի, որ այդ կրնայ արագ լուծում ըլլալ Թուրքիոյ խնդիրներուն համար:
Էրտեմիրի խօսքով` թրքական մօտեցումը շատ միամիտ է, քանի որ հաշուի չ'առներ Ուաշինկթընի մէջ քաղաքականութեան մշակման բարդութիւնները:
Էրտեմիրի խօսքով` Հայաստանի եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Թուրքիոյ փորձերը հիմնուած են նախագահ Էրտողանի` Եգիպտոսի, ապա Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ վերջապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ կապերու հաստատման ձեւերու վրայ:
Էրտեմիրը նշած է, որ Թուրքիոյ դիւանագիտական ջանքերը տարածաշրջանին մէջ հիմնուած են հետեւեալ հիմնական գործօններու վրայ. նախ` Էրտողանը խոստովանած է, որ Թուրքիան երթալով աւելի կը մեկուսացուի Միջերկրական ծովի արեւելեան հատուածին մէջ, ինչ որ ե՛ւ դիւանագիտական, ե՛ւ ռազմական խնդիր կը ստեղծէ: Թուրքիան նաեւ կը ձգտի ֆինանսական ճգնաժամէն յետոյ ընդլայնել իր մուտքը դէպի արտահանման շուկաներ եւ աւելի շատ ներդրումներ ներգրաւել արտասահմանէն, յատկապէս` Պարսից ծոցի երկիրներէ:
Անգարան կը կարծէ, որ Հայաստանի եւ Իսրայէլի հետ իր հակամարտութիւններու միջազգային ընկալումը կը խաթարէ իր պատկերը եւ դիւանագիտական ազդեցութիւնը ինչպէս Ուաշինկթընի, այնպէս ալ Պրիւքսէլի մէջ, այնպէս որ ան նաեւ յոյս ունի, որ կարգաւորման ջանքերը կը ծառայեն Թուրքիոյ փափուկ ուժի ամրապնդման եւ երկու մայրաքաղաքներուն մէջ դիւանագիտական պակասի նուազեցման, ըսած է Էրտեմիր: