image

Էրտողանէն կոչ՝ Յունաստանին. Վերջ տուէք «հակաթրքական ծրագիրներուն»

Էրտողանէն կոչ՝ Յունաստանին. Վերջ տուէք «հակաթրքական ծրագիրներուն»

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած է, որ Յունաստանը պէտք է հրաժարի Եգէական ծովուն մէջ «հակաթրքական» ծրագիրներէ, եւ նշած, որ Անգարան նպատակ չէ ունեցած հրթիռներով հարուածել Աթէնքին։

«Յունաստանը պէտք է դադրի տարածաշրջանին մէջ, այդ շարքին՝ Եգէական ծովուն մէջ Թուրքիոյ իրաւունքներն ու շահերը ոտնահարելու փորձերը: Քանի դեռ մեզի չեն վնասած, մենք վնաս չենք հասցներ»,- ըսած է Թուրքիոյ նախագահը։

Մեկնաբանելով յունական լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւնները թրքական «Թայֆուն» հրթիռներու սպառնալիքի մասին՝ Էրտողան յիշեցուցած է, որ վերջին փորձարկումներու ժամանակ այս բարեփոխուած հրթիռները ճշգրիտ խոցած են թիրախը 561 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։

«Յունական լրատուամիջոցները սկսած են անհանգստութեամբ գրել թայֆունի հեռահարութեան մասին՝ պնդելով, որ Անգարան կրնայ հարուածել Աթէնքը։ Մենք նման նպատակ չունինք։ Պատասխան քայլերը կրնան յաջորդել միայն այն պարագային, եթէ վտանգուին Թուրքիոյ շահերը»,- ընդգծած է Էրտողան։