Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը իր վատ զգալու մասին տարածուած լուրերէն ետք, չորեքշաբթի օր յայտնուած է հանրութեան մէջ:
Չորեքշաբթի օր՝ ժամը 15:30-ի սահմաններուն, թրքական հեռուստաալիքները ուղիղ եթերով հեռարձակած են նախագահի ժամանումը Անգարայի մէջ իշխող կուսակցութեան կեդրոնակայան։ Էրտողանը, որ ինքնուրոյն իջած է մեքենայէն, ողջունած է կուսակիցները, կարճ զրոյց ունեցած է, ապա մտած շէնք։
Էրտողանը չորեքշաբթի չեղարկած էր իր այցը Սպանիա, ուր կը նախատեսուէր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումը Եւրոպական քաղաքական համայնքի երրորդ գագաթնաժողովի շրջանածիրէն ներս։ Bloomberg գործակալութիւնը, վկայակոչելով իրազեկ աղբիւրները, պարզաբանած է, որ այցի չեղարկումը պայմանաւորուած է Էրտողանի զբաղուածութեամբ։ Թրքական ընդդիմադիր լրատուամիջոցները կը պնդէին, որ Էրտողան մրսած է։