Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ համատեղ քայլերը Սուրիոյ մէջ մեծ նշանակութիւն ունին, այս տարածաշրջանին մէջ խաղաղությունը կախեալ է երկու երկիրներու յարաբերութիւններէն, ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան:
Անոր խօսքով, Սուրիոյ խնդիրին վերաբերեալ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ համատեղ քայլերը «մեծ նշանակութիւն ունեն»:
Էրտողանը նախապէս ըսած էր, որ Թուրքիան կը փափաքէր, որ Միացեալ Նահանգները դուրս բերէր իր զօրքերը Սուրիայէն եւ Իրաքէն, ինչպէս այդ ըրած էր Աֆղանիստանի մէջ աւելի շուտ: Ան պնդած է, որ Թուրքիան ներկայ է Սուրիոյ մէջ` երկիրը վերականգնելու նպատակով, եւ նաեւ յոյս յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը, Իրաքը եւ Թուրքիան կրնան միասին աշխատիլ` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար:
Այլ գիծի վրայ, Էրտողան արդիւնաւէտ որակած է Փութինի հետ Սոչիի մէջ ունեցած հանդիպումը:
Նշենք, որ երկու նախագահներու մասնակցութեամբ հանդիպումը շարունակուած է շուրջ երեք ժամ, անոնք մամլոյ յայտարարութեամբ հանդէս չեն եկած: Ի շարս այլ հարցերու, քննարկուած է նաեւ իրադրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Փութինը անդրադարձ կատարած է ԼՂ-ի մէջ հրադադարի վերահսկման կեդրոնին գործունէութեան՝ նշելով, որ այս հարցին մէջ ռուս-թրքական համագործակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ «կայունութեան լուրջ երաշխիք է»: