Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ Անգարան կ'աջակցի վիրաւորներու համար մարդասիրական միջանցքի բացման՝ Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ, եւ պատրաստ է հոգալու անոնց բուժումը։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն:
«Մենք վիրաւորներ բերած ենք Սուրիայէն, Ատրպէյճանէն եւ Լիպիայէն, բուժած ենք անոնց մեր հիւանդանոցներուն մէջ եւ նորէն ետ ուղարկած: Այդ մեր մարդասիրական պարտքն է, մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ այս ուղղութեամբ»,-ըսած է Էրտողան՝ ելոյթ ունենալով Անգարայի մէջ մարդկային իրաւանց միջազգային համաժողովի մասնակիցներու առջեւ։
Աւելի վաղ Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց պաշտպան Շերեֆ Մալքոչը յայտարարած էր, որ Թուրքիան յոյս ունի Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ուքրանիոյ միջեւ մարդասիրական միջանցք կը բացուի՝ Անգարայի միջնորդութեամբ՝ օգնելու համար երեխաներուն, կանանց եւ ուքրանական ճգնաժամէն տուժածներուն: