image

Էրտողան. Համալսարանները կ՚անցնին հեռավար ուսման

Էրտողան. Համալսարանները կ՚անցնին հեռավար ուսման

Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանը, որ 11 փետրուարին այցելած է երկրաշարժի հետեւանքով տուժած Տիարպեքիրը, ելոյթ ունեցած է, որու ժամանակ յայտնած է զոհերու նոր թիւին մասին։

Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը, Էրտողան յայտնած է, որ երկրաշարժի հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 24 617-ի, իսկ վիրաւորներուն թիւը՝ 80 278-ի։

Էրտողանը տեղեկացուցած է, որ երկրին մէջ գործող բոլոր համալսարանները պիտի անցնին հեռավար ուսուցման ռեժիմի, իսկ համալսարաններուն պատկանող կացարանները պիտի տրուին աղէտէն տուժածներուն։