image

Էրտողան դիմած է Իսրայէլին

Էրտողան  դիմած է Իսրայէլին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ անվտանգութիւնը հնարաւոր չէ ապահովել Կազայի մէջ երեխաներու, կանանց եւ խաղաղ բնակիչներու զանգուածային ոչնչացման միջոցով, յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները։

«Սխալը շտկելու եւ պետականօրէն գործելու փոխարէն Իսրայէլի վարչակազմը հանդէս կու գայ որպէս կազմակերպութիւն՝ հրահրելով տարածաշրջանէն դուրս գործող դերակատարները։ Հասկնալի է, որ անվտանգութիւնը հնարաւոր չէ ապահովել երեխաներու, կանանց ու խաղաղ բնակիչներու սպանութեամբ, հիւանդանոցներ, դպրոցներ, մզկիթներ ու եկեղեցիներ պայթեցնելով։

Մեր տարածաշրջանը պէտք է որքան հնարաւոր է շուտ փրկել այս խելագարութենէն, որ կը խրախուսուի արեւմտեան երկիրներու կողմէ եւ կ՚օրինականացուի արեւմտեան լրատուամիջոցներու կողմէ։

Ես կոչ կ՚ընեմ բոլոր պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն անկեղծօրէն աջակցելու Կազայի մէջ հրադադարի արագ հաստատման նախաձեռնութիւններուն։ Ես կը կրկնեմ իմ կոչը Իսրայէլի կառավարութեան՝ չընդլայնելու յարձակումները խաղաղ բնակիչներու վրայ եւ անյապաղ դադրեցնելու  աւերածութիւնները։ Թուրքիան պիտի շարունակէ  իր ներդրումը՝ կանխելու հետագայ արիւնահեղութիւնը, հետագայ հումանիտար ողբերգութիւնները եւ կարգաւորելու հակամարտութիւնը Պաղեստինի մէջ՝ նախքան այն կը հասնի անդառնալի կէտի»,- գրած է Էրդողանը իր էջերուն։