image

Երջանկայիշատակ Սուրէն Սրբազան Արք. Գաթարոյեանի մտերմութեան հետ.Գրեց՝ Ժան Հալլաճեան

Երջանկայիշատակ Սուրէն Սրբազան Արք. Գաթարոյեանի մտերմութեան հետ.Գրեց՝ Ժան Հալլաճեան

«Յարատեւ Գործի» պատգամաբերն էր: Դժուար էր հասնիլ իր առօրեայ ներգործօն արտադրողական հեւքին: Շատեր, իրենց բանաւոր եւ գրաւոր անդրադարձներով հարազատ արժեւորումներով արձանագրեցին նկարագրային բազում բարեմասնութիւններ, որոնց վրայ աւելցնելով՝ պիտի յիշատակենք կարգ մը դրուագներ, որոնք լրացուցիչ կենդանի վկայութիւններ են, փաստելու թէ որքա՜ն արդարացի են եւ ժուժկալ գնահատական ընդգծումները:

Երջանկայիշատակ Սուրէն Սրբազան Արք. Գաթարոյեանը հանդիսացաւ այն հազուագիւտ անձնաւորութիւններէն՝ հոգեւորականներէն, որուն զուլալ անկեղծութեամբ գործը եւ հաւատքը միախառնուած էին անձնդիր ծառայութեան քուրային մէջ, եւ որ կը շողարձակէր հարազատութեամբ՝ ընկերային, հասարակական եւ հոգեւոր կեանքի ոլորտներուն մէջ:

Իր անմահ ժառանգը, զոր մեզ պատգամեց, դարձաւ կեանքի նշանաձողը շատերուս համար: Իր շունչով վարակուած բազում հայորդիներու մտքին մէջ, իր անունը զուգորդուեցաւ պատմական Հալէպի կեանքին հետ: Այսպէս, պատմութեան հետազօտները դժուարութիւն պիտի չունենան զինք դասելու սուրիահայութեան զսպանակող ոգի, անձնդիր նուիրումի ռահվիրայ, անմրցելիօրէն՝ ազգային կեանքի մշտանորոգ ու ժայթքող ջրբուխ:

«Յարատեւ Գործի» պատգամաբերն էր: Դժուար էր հասնիլ իր առօրեայ ներգործօն արտադրողական հեւքին: Շատեր, իրենց բանաւոր եւ գրաւոր անդրադարձներով հարազատ արժեւորումներով արձանագրեցին նկարագրային բազում բարեմասնութիւններ, որոնց վրայ աւելցնելով՝ պիտի յիշատակենք կարգ մը դրուագներ, որոնք լրացուցիչ կենդանի վկայութիւններ են, փաստելու թէ որքա՜ն արդարացի են եւ ժուժկալ գնահատական ընդգծումները:

Յետ մահու մեր անձնական յուշերը ու դրուագները, թող փունջ մը ծաղիկ ըլլան իր յոգնաբեկ մարմնին, որ անդուլօրէն գործեց մինչեւ վերջին րոպէները իր աշխարհիկ կեանքին:

Վարչական իր բազում շնորհալի գիծերէն մին կը հանդիսանար ոսկի միջիններու ջատագով ըլլալը: Անել կացութիւններու փրկարար որպէս լաստ, բազումանգամներ, անվարան իր փրկարար ձեռքը երկարած է, յօգուտ բարենպաստ լուծումի: Այսպէս, յիշատակելի է «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի աշխատանքներուն իր անուրանալի ներդրումը, եւ երբ հասաւ պատեհ օրը առաջին սրահին բացումը կատարելու, պատկան պատասխանատու մարմինները գտնուեցան անախորժ անակնկալի մը դէմ յանդիման, ուր երիտասարդ խանդոտ ընկերներ, մերժելով սրահի անուանակոչութեան առաջադրուած ձեւաւորումը, վերացուցած էին պատրաստուած մարմարեայ յուշաքարը եւ համապատասխան զայրոյթի ձայն բարձրացուցած: Ստեղծուած կացութեան ի տես, Սրբազան հօր զեկուցուեցաւ  անհամատեղելի դրոյթին մասին եւ առաջարկուեցաւ այլ ձեւաչափ մը որպէս լուծում, թէ սրահը փոխանակ կոչելու ուղղակի նուիրատուին անունով, անուանկոչուի ՍՊԻՏԱԿ՝ նուիրատուութեամբ տէր եւ տիկին Բիւզանդ Գէյվանեաններու: Սուրէն Սրբազան համոզուելով առաջադրանքին կարելիութեան, անմիջապէս գործի անցաւ, սիրով ընդառաջելով դժուարին յանձնառութեան՝ համոզելու խնդրոյ առարկայ նուիրատուն այս ձեւաւորման աւելի նպատակայարմարութեան, հաշուի առնելով որ պանծացուցած կ’ըլլանք նորօք պատահած երկրաշարժի զոհերու յիշատակը: Այսպիսով, ոսկի միջինը յաղթանակեց:

Պետական յարաբերական կեանքի մէջ, իր կուրծքը լայն բացաւ, հանդիսանալով այնքա՜ն նուրբ որոշումներ ու տեսակէտներ փոխանցողը՝ համապատասխան մարմիններու, երբեմն հակոտնեայ մօտեցումներով իրենց սպասումներուն: Միա՛յն խիզախ ղեկավարները այդ չափի յանդգնութեամբ ու խիզախութեամբ կրնան հանդիսանալ հաւաքական կամքի թարգմանը եւ արտայայտել ժողովական կեանքի եզրայանգուած որոշումները, որովհետեւ քաջ գիտէր, որ զրահապատուած էր հայ ժողովուրդի արդար սպասումներով ու իր կողքին ունէր հաւատարիմ նուիրեալ հաւատացեալներու բանակ մը, որոնց երդուեալ ծառան հանդիսանալով՝ որպէս առաջնորդ, չէր խնայեր ոչ մէկ ճիգ ու աշխատանք:

Այլ դրուագ մը կապուած իր աւազանի անունին՝ Աբրահամ Գաթարոյեանին: Արդ, Տպարան Արեւելք պաշտօնավարութեանս ընթացքին, առիթներով՝ պետական դրամատնային կամ տնտեսական գործառութեան մը համար, անպայման կը պնդէին, տպարան Արեւելքի սեփականատիրոջ ներկայութիւնը, համապատասխան թուղթ մը ստորագրելու կամ վկայութիւն մը տալու: Դժուարութիւն կ’ունենայինք հասկցնելու անոնց, որ հաստատութեան արտօնագիրը տրուած է օրին Աբրահամ Գաթարոյեանի անունով՝ որոշ ձեւակերպումի մը իբր արդիւնք: Պարզապէս Առաջնորդ Սրբազանին աւազանի անունը հոն արձանագրուած է, որպէս պատուոյ իրաւատէրը հաստատութեան: Սակայն, գործնականին մէջ երբե՛ք չէ առնչուած իր հանգամանքին, ո՛չ տնտեսական գործառութիւններուն ո՛չ ալ տուքանային-մաքսական հարցերու (صناعة - غرفة تجارة - تموين): Այս հարցը, որեշեցի վերջնական լուծումի մը հասցնել, իր անունը զանց առնելով արտօնագրէն եւ միայն Առաջնորդարանի անունը յիշատակելով արտօնագրին վրայ: Այդ գործը վստահեցանք հանգուցեալ Գրիգոր Խաչատուրեանին, որ նուիրումով ու համբերատարութեամբ՝ ի կատար ածեց այդ «առաքելութիւնը», որ արժանացաւ Սուրէն Սրբազանի գոհունակութեան, որովհետեւ խնայեց զինք անտեղի ու անհամ կացութիւններէ:

Երջանկայիշատակ Սրբազան Հայրը, այլ բարեմասնութեամբ ե՛ւս զինուած էր: Ան մանրամասնութեամբ ծանօթ էր գաղութային բոլոր անձնաւորութեանց, խաւերու եւ շերտաւորումներու գաղափարական հակումներուն, կարողականութեանց, ընտանեկան վիճակներուն, գործի եւ տնտեսական իրավիճակին, կենցաղին՝ վարք ու բարքի դրուածքին: Ան վայելելով բոլորին սէրն ու ակնածանքը, որպէս հոգեւոր հայր, իր վաստակած բարոյական անբասիր վարկը օգտագործելով, կարող էր որեւէ նախաձեռնութեան նիւթական սպասումներուն յագուրդ տալ, հանրային մթնոլորտը այնքան խանդավառելով, նուիրահաւաքի յանձնախումբերուն գործը հեշտացնելով: Երբեմն, Սրբազան Հայրը կ’ըլլար նուիրատուին կողմէ յայտարարուելիք գումարը ճշդողը: Բոլոր նուիրատուները ո՛չ միայն անտրտունջ կ’անսային խնդրանքին, այլ յաճախ, աւելիո՛վ կ’արձագանգէին առաջադրուած գումարին: Արդիւնքով, յայտարարուած նուիրատուութեան թիւերը կը գերազանցէին բոլոր սպասումները, եւ գերազանց խնդութեան մթնոլորտի մէջ իր լրումին կը հասնէին ձեռնարկները։

Մտերմիկ մթնոլորտներու պատեհ առիթներէն օգտուելով, խնդրած եմ, որ իր անձնական յուշերը գրէ, փրկելու համար բազում պատմական կարեւոր եղելոյթներ ու յարաբերական կեանքի գնահատականներ, որոնց մասին երբեմն մտերմիկ մթնոլորտներու մէջ կ’արտայայտուէր, բայց անոնց արձանագրութիւնը եւ վաւերագրութիւնը ո՛չ մէկ տեղ պիտի գտնէինք: Սրբազանը, երկրորդելով առաջադրանքիս ձեռք բերելիք առաւելութիւնները, սակայն վերապահ էր, ըսելով. «Բոլոր անցուդարձերը իրենց մէջ կը պարփակեն նաե՛ւ այնպիսի ճշմարտութեան դառն պտուղներ, որ պէտք է խնայել հասարակութիւնը ճաշակելէ անոնց դառնութիւնը: Ապագային, թող միա՛յն պատմութիւնը ըլլայ դատաւորը ու գնահատողը»: Այսպէս, իր յաւերժութեան երթին մէջ, իմացականութեամբ եւ խոհականութեամբ, տարաւ այն բոլորը, որոնք կը կազմէին անձնական մտորումները իր գործի հանգանակին մասին: Վաղուան պատմագիրը թող ըլլայ հարազատ թարգմանը իր անբասիր գործունէութեան:

Այդ օրինակներուն կը պատկանի հանգուցեալ ընկ. Հրայր Մարուխեանին հետ աղերսուած կարգ մը դրուագներ: Երբ առիթը ներկայացաւ եւ հանրային ձեռնարկով պիտի անդրադառնայինք վաղամեռիկ ընկեր Մարուխեանիմասին, խնդրեցի Սրբազանէն, որ երիզի մը ընդմէջէն յաւիտենականացնէ այդ դրուագները, սկսեալ Մարկատէի Նահատակաց մատուռէն, Դաշնակցական երդման արարողութեան մը ներկայ ըլլալու պատեհութիւնը յիշատակելով եւ այլ դրուագներ: Սրբազանը մեծ սէր ու ակնածանք կը տածէր ընկեր Հրայրի հանդէպ: Սիրով եւ անվարան ընդառաջեց այս անգամ, եւ այդ տեսերիզով յաւերժացուց շատ կարեւոր պատմական շարժառիթներ:

Աշխարհիկ «փարիսեցիներ»ուն հետ երբե՛ք հաշտ չէր: Իր ստեղծած Սուրէնեան Ֆոնտին միջոցաւ փաստեց, թէ որքա՜ն հեռու է իր նկարագրէն նիւթական աշխարհը: Իր վաստակած բոլոր պատուեգիները, ուղղորդեց այն սնտուկին, որուն յատկացումներէն օգտուեցան կարօտեալներ, ընչազուրկներ, դպրոցական նպաստընկալներ, եւ այս ամէնը հեռու լուսարձակներէ, խորհրդապահական կերպով, յարգելով նպաստընկալներու անձնական վարկը:

Սրբազան Հայրը իր սրբավայել կենցաղովը Անթիլիասի աթոռը դարձուց իր վէմը եւ անոր ժառանգի աւանդատան հաւատաւոր սպասաւորը դարձաւ, միշտ վառ պահելով իր հոգիին մէջ՝ Էջմիածնի աթոռի պատմական առաջատար խորանը ըլլալու հանգամանքը։

Վերջապէս, Սուրէն Սրբազան, շատերու համար դարձաւ հաւատքի կենդանի օրինակելի նուիրեալ մը, անմրցելի առաջնորդ, շինարար ու ստեղծագործ:

Այս վկայութիւններս թող ըլլան փունջ մը անթառամ նշխար իր անմեռ յիշատակին:

 

 

 

Ժան Հալլաճեան, Թորոնթօ, 25 Յունուար 2024