image

Երիտասարդ կորուստ մը ԱՄՆ-ի մէջ. Ոչ եւս է Սոնիկ Մալգըճեան- Ատաճեանը

Երիտասարդ   կորուստ  մը ԱՄՆ-ի մէջ. Ոչ եւս է Սոնիկ Մալգըճեան- Ատաճեանը

 Այնճարի հայկական համայնքը, եւ յատկապէս Մալգըճեաններու եւ Ատաճեաններու ընտանիքները խորապէս ցնցուած են երիտասարդ հայրենակցուհի, նուիրեալ կին եւ պաշտելի մայր՝ Սոնիկ Մալգըճեան- Ատաճեանի (54 տարեկան) կորուստով։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Այնճարի իր աղբիւրէն։

Բնիկ Մուսալեռցի հայուհին, որ ծնած ու ապրած էր Այնճար հայկական աւանին մէջ վերջին տարիներուն կը տառապէր ծանր հիւանդութեամբ, որուն հետեւանքով ալ իր աչքերը յաւերժին փակեց՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ։

 Ստորեւ կը հրապարակենք հանգուցեալին մասին Սիլվա Քէշիշեանի գրած տողերը՝ 

Խոր ցաւով իմացայ անժամանակ մահը մեր սիրելի հարսիկին՝ Սոնիկին։ Անզուգական անձնաւորութիւն մը, որ իր բարիութեամբ, ընկերասիրութեամբ, հիւրասիրութեամբ և անմեղ ժպիտով գերած էր բոլորս։ Իսկապէս ափսոսանք կզգամ Սօնիկի նման հարազատի մը անընդունելի կորուստը։ Կեանքով լեցուն հայուհի մը, հոգատար կին մը, գուրգուրացող մայր մը և մանաւանդ անկեղծ հիւրընկալող մը։ Այո հիւանդ էր, սակայն երբեք իր հիւանդութիւնը ցոյց չէր տար և յաղթական ժպիտով կը պայքարէր անոր դէմ։ Սակայն անողոք հիւանդութիւնը չխնայեց իրեն և առ յաւէտ հեռացուց զինք այս աշխարհէն։ Սիրելի Սոնիկ, դուն մեկնեցար այս աշխարհէն գեղեցիկ յիշատակներ ձգելով մեր սրտերուն մէջ։ Յիշատակդ անթառամ սիրելի հարսիկ։ Դու անմոռաց ես։ Խորազգաց ցաւակցութիւններս եղբօրս՝ Հաննուկին, երկու դուստրերուն, որոնք անսահման գուրգուրունաք ցուցաբերեցին իրենց կնոջ ու մօր։ Հողը թեթեւ գայ յոգնած աճիւններուդ վրայ մեր շատ սիրելի Սոնիկ։ Ննջէ խաղաղութեամբ։