Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ խօսիլ խաղաղութեան համաձայնագրի մասին եւ կը շարունակէ հաւատալ, որ այն հասանելի է:
Այս մասին ճեպազրոյցին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըրը:
«Այնուամենայնիւ, մենք միշտ ըսած ենք, որ որպէսզի այն (խաղաղութեան համաձայնագիր) հասանելի ըլլայ, երկու կողմերն ալ պէտք է երթան բարդ փոխզիջումներու, եւ այդ իսկ պատճառով արտաքին գործոց նախարարը շարունակած է խօսիլ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հետ՝ խրախուսելու անոնց երթալ այդ բարդ փոխզիջումներու, որ կարենան համաձայնութեան գալ», -ըսած է Միլլըր: