image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը հրաժարեցաւ

Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը հրաժարեցաւ

Երեւանի 13-րդ քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է։ Պաշտօնէն հեռանալու մասին Սարգսեանն անձամբ յայտնած է աւագանիի արտահերթ նիստի ուղիղ եթերին։

Մամուլը գրած է, որ մինչեւ նոր ընտրութիւններ քաղաքապետի պաշտօնը պիտի զբաղցնէ առաջին փոխքաղաքապետ Լեւոն Յովհաննիսեանը։

Յիշեցնենք, որ Հրաչեայ Սարգսեանը քաղաքապետ ընտրուած էր Հայկ Մարութեանի պաշտօնանկութենէն ետք՝ 2021 թուականի դեկտեմբեր 22-ին։ Մինչ այդ ան կը զբաղցնէր փոխքաղաքապետի պաշտօնը։

Նշենք, որ արդէն քանի մը օր է` լրատուամիջոցներուն մէջ տեղեկութիւններ կը շրջանառուէին Հրաչեայ Սարգսեանի հրաժարականի վերաբերեալ։

Երեւանի փոխքաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը Երեւանի աւագանիի սպասուելիք ընտրութիւններուն քաղաքապետի իշխանական թեկնածուն է։