image

Երեւանի մէջ. «Զանգ» շարժումի անդամներ բերման ենթարկուած են

Երեւանի մէջ. «Զանգ» շարժումի անդամներ բերման ենթարկուած են

Ոստիկանութիւնը Մաշտոցի պուրակէն բերման ենթարկած է «Զանգ» շարժման նախաձեռնած հաւաքի 13 մասնակից, որոնք վրան տեղադրած էին Մաշտոցի պուրակին մէջ ու շրջապատած պաշտպանում էին այն։

Ոստիկանութեան աշխատակիցները պնդած էին, որ վրանի տեղադրումը վարչական իրաւախախտում է, եւ եթէ այն գետնէն չբարձրացուի, քաղաքացիները վարչական ձերբակալման պիտի ենթարկուին։

Հաւաքի մասնակիցները կը պահանջէին Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Անոնք երթ կատարած էին, այնուհետեւ վրան տեղադրած Մաշտոցի պուրակը, բայց վայրկեաններ ետք ուժայինները սկսած էին բերման ենթարկել զանոնք:

Մինչ այդ երթի մասնակիցները յայտարարած էին, որ Հայաստանի իշխանութիւնները համաձայնութիւն տուած են 300 հազար ատրպէյճանցիներու վերաբնակեցման, իսկ իրենք մտադիր են ամէն գինով թոյլ չտալ այդ։ Բողոքի մասնակիցները քաղաքացիներուն կոչ ըրած էին միանալու իրենց հաւաքին։