image

Երեւանի մէջ. Պէյրութահայ Նժդեհ Շահինեանի ընդ Կրասիա Սրապոնեանի ամուսնութիւնը

Երեւանի մէջ.   Պէյրութահայ Նժդեհ Շահինեանի  ընդ Կրասիա Սրապոնեանի ամուսնութիւնը

Պէյրութեան շրջանակներու ու ապա Երեւանի երաժշտասէր հանրութեան մէջ սիրուած անուն հանդիսացող Նժդեհ Շահինեան որոշած է իր կեանքը շարունաել իր սիրելիին՝ Կրասիա Սրապոնեանին հետ։

Երիտասարդ զոյգերու ամուսնութիւնը տեղի ունեցած է օրեր առաջ Երեւանի մէջ եւ այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացած է նորապսակներու մտերիմներէն։

 Երկու երիտասարդները իրենց աչքերը բացած, մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը բոլորած են Պէյրութի հայկական թաղամասերուն մէջ, ստանալով հայեցի դաստիարակութիւն։

 Ինչպէս շատ-շատեր, անոնք հաշուի առնելով Լիբանանի բարդ իրականութիւնը եւ տիրող իրավիճակի անյուսալիութիւնը վճռած են հայրենադառնալ ու իրենց կեանքը՝ միասին շարունակել հայրենի հողին վրայ։  Նժդեհ Շահինեանի անունը, նոր անուն մը չէ մեր ընթերցողներուն, ու տարբեր առիթներով ն արտայայտուած են անոնք գործունէութեան ու տաղանդաւոր  ներկայութեան մասին։

Մինչ Նժդեհ կը շարունակէ հանդէս գալ, որպէս մեկնաբան եւ երգիչ, անդին իր սիրեցեալը՝ Կրասիա ձեռային աշխատանքներու տաղանդաւոր արուեստագիտուհի է։

Մասնաւորապէս այս դժուարին օրերուն մեզի համար, որպէս «Արեւելք» ուղենշային կը շարունակէ մնալ երիտասարդ հայ ընտանիքներու կազմութեան օրակարգը եւ այդ ոգիով ալ մեր շնորհաւորանքները կը կցենք իրենց յարկերէն ներս ուրախութիւնը գրկած Շահինեան-Սրապոնեան ընտանիքներուն, յիշելով յատկապէս մեր թերթի լաւ բարեկամ, Պէյրութի հանրածանօթ «Տիսքո Եանկ» հաստատութեան հիմնադիր, երկար տարիներ հայ երգը տարածած ու հայ արուեստին ծառայած Սարգիս Շահինեանեան։