Յունուար 6-ին, կրակոցներ հնչած են Երեւանի մէջ: ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժին տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Քաջազնունի փողոցի 6 հասցէին վրայ գործող օֆիսներէն մէկուն մէջ կրակոցներ հնչած են: Յայտնած է shamshyan.com-ը:
Ինչպէս դէպքի վայրէն յայտնած է ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, դէպքի վայր ժամանած ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պետ, ոստիկանութեան զօրավար-մայոր Սեւան Քոչարեանը, վարչութեան պետի տեղակալ Խորէն Բարխոյեանը, նոյն վարչութեան քրէական հետախուզութեան բաժնի պետ Արթուր Յակոբեանը:
Պարզուած է, որ ոստիկանութեան Կեդրանական բաժին ստացուած տեղեկութիւնները հաւաստի էին, նշուած հասցէին վրայ գործող օֆիսային տարածքի դիմաց ոստիկանները յայտնաբերած են ատրճանակէ արձակուած 9 կրակուած պարկուճ:
Դէպքի վայրէն քննիչի յանձնարարականով ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժին տեղափոխուած են Mercedes GL500, Mercedes G եւ Toyota Camry մակնիշի մեքենաները:
Ոստիկանները կրակոցներ արձակելու եւ խուլիկանութիւն կատարելու կասկածանքով պարեկներու հետ բերման ենթարկած ու ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժին տեղափոխած են քանի մը քաղաքացիներ:
Ոստիկանութիւնը ձեռնարկած է նաեւ հետախուզական միջոցառումներ՝ յանցագործութեան գործիք ատրճանակը յայտնաբերելու ուղղութեամբ:
Ֆոթոլրագրողը յայտնած է, որ ձերբակալուած Ա. Մարտիրոսեանը Միասնիկեան պողոտայի վրայ գործող «Վարտա» գիշերային ակումբի սեփականատէրն է: