Յունիս 22-ին, կրակոցներ հնչած են Երեւանի մէջ: Ժամը 20:00–ի սահմանին, «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութիւն ահազանգ ստացուած է, որ հրազէնային վնասուածքներով իրենց մօտ տեղափոխուած է քաղաքացի մը:
Հիւանդանոցին մէջ բժիշկները ոստիկաններուն յայտնած են, որ վիրաւորը ի վիճակի չէ կատարուածին մասին բացատրութիւն տալու:
Կրակոցներու վայր` Արշակունեաց պողոտայի վրայ գտնուող նախկին «Սփայքա» ընկերութեան յարակից տարածք ժամանած են ՀՀ ոստիկանապետի առաջին տեղակալ, ոստիկանութեան գնդապետ Արամ Յովհաննիսեանը եւ այլ ոստիկաններ: