Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցած կրակոցներուն հետեւանքով գրանցուած են վիրաւորներ եւ կայ մէկ զոհ։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Շամշեան» կայքը նշելով նաեւ, որ դէպքը տեղի ունեցած է Շէնգաւիթ շրջանի Paradise Hotel-ի մօտակայքը։
Կը նշուի նաեւ, որ դէպքի վայր ժամանած են ոստիկանութեան տարբեր խմբակներ եւ կը կատարուի հետաքննութիւն։