Դէպքին հետեւանքով գրանցուած են վիրաւորներ, բայց այդ մասին մինչեւ այս պահը յստակ տուեալներ չեն հաղորդուիր։
Քիչ առած բախումներ գրանցուած են Երեւանի մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հայրենի լրասփիւռներէ։
Երեւանի մէջ բախումներ. Ոստիկանութիւնը լուսաձայնային նռնակներ օգտագործեց (Տեսանիւթ) https://t.co/JFjfv0eltL pic.twitter.com/4PzsfcB3o9
— arevelk.am (@arevelk1) June 3, 2022
Կարգ մը աղբիւրներ կը նշեն, որ ընդդիմադիր շարժման անդամներու եւ ոստիկաններու միջեւ եղած բախումներէն ետք ոստիկանութիւնը օգտագործած է արցունքաբեր կազեր, եւ լուսաձայնային նռնակներ։
Երեւանի մէջ բախումներ. Ոստիկանութիւնը լուսաձայնային նռնակներ օգտագործեց (Տեսանիւթ) https://t.co/eXbpncihpf pic.twitter.com/8SVZCBX24r
— arevelk.am (@arevelk1) June 3, 2022
Դէպքին հետեւանքով գրանցուած են վիրաւորներ, բայց այդ մասին մինչեւ այս պահը յստակ տուեալներ չեն հաղորդուիր։
Նշենք, որ ընդդիմութեան պատգամաւորները այսօր Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ գումարելու պահանջով հանդէս եկած էին։ Իշխանական ուժեր մերժած էին ներկայանալ խորհրդարան, որմէ ետք ընդդիմութիւնը կատարած էր երթ եւ հասած կառավարութեան գլխաւոր շէնքի մօտ։ Շէնքը որոշ ժամանակով մը պաշարելէ ետք, ընդդիմութիւնը անսալով Իշխան Սաղաթէլեանի կոչին երթով բարձրացած էր դէպի «Տէմիրճեան» փողոց, ուր ոստիկանութիւնը արգելք հանդիպած էր ոստիկանութեան անհիմն արգելքներուն, որմէ ետք ալ տեղի ունեցած էին բախումներ։