Երեւանի մէջ՝ Խորհրդային Միութեան հերոս Գէորգ Վարդանեանի անուան 192 դպրոցի բակին մէջ, բացուած է ԽՍՀՄ յայտնի հետախոյզ Գէորգ Վարդանեանի կիսանդրին։
Նշենք, որ կիսանդրիի տեղադրման արարողութեան ներկայ էին հայ-ռուսական միջկառավարական խորհուրդի համանախագահներ, Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը, ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխխօսնակ Յակոբ Արշակեանն ու Ռուսիոյ Դաշնային խորհուրդի փոխնախագահ Եուրի Վորոպիովը, ինչպէս նաեւ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, դիւանագէտներ ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Տեղեկացնենք, որ Գէորգ Վարդանեանի հետախուզական գործունէութեան պատմութեան մէջ յատկապէս նշուած է 1943 թուականը, երբ Թեհրանի մէջ կայանալիք համաժողովին գործընկերներու հետ պէտք է ապահովէր 3 խոշոր տէրութիւններու ղեկավարներու (Իոսիֆ Սթալին, Ֆրանքլին Ռուզվելթ, Ուինսթըն Չըրչըլ) անվտանգութիւնը։ Հայ հետախոյզը եւ անոր գործընկերները յաջողած են կանխել այդ եռեակի դէմ ֆաշիստական Գերմանիոյ ծրագրած մահափորձը։ Այդ իրադարձութիւններէն տասնեակ տարիներ անց Գէորգ Վարդանեանին հանդիպած է Ուինսթոն Չըրչըլի թոռնուհին եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած իր պապի կեանքը փրկելու համար։
Երկար տարիներ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ շատ բարդ իրավիճակներու մէջ բազմաթիւ հետախուզական գործողութիւններ իրականացուցած է։ Գէորգ Վարդանեանի կողքին միշտ եղած է անոր կինը, համախոհն ու գործընկերը՝ Գոհար Լեւոնի Վարդանեանը, որ հայրենիքին մատուցած հետախուզական ծառայութիւններու համար պարգեւատրուած է Կարմիր դրօշի շքանշանով։ 2013-ին Գոհար Վարդանեանը պարգեւատրուած է է ՀՀ ՊՆ «Գէորգ Վարդանեան» գերատեսչական մետալով։