Հայկ Մարութեանը զրկուեցաւ Երեւանի աւագանիի մանթատէն․ որոշումը կայացուցած է Երեւանի աւագանին։
«Հայկ Մարութեանը 42 քուէարկութիւններից ներկայ է եղել 0 քուէարկութիւնների»,- նախագիծը ներկայացնելու ժամանակ ըսած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութենէն Արմէն Գալջեանը՝ աւելցնելով, որ Մարութեանը չէ մասնակցած ո՛չ աւագանիի նիստերուն, ո՛չ յանձնաժողովի, որ օրէնքով հիմք է մանթատէն զրկելու համար։
Մարութեանը մանթատէն զրկուած է 34 կողմ, 0 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ։
Նախկին քաղաքապետը իր ելոյթին մէջ նշած է, որ իրեն մանթատէն զրկելը մաքուր քաղաքական որոշում է։
Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Երեւան քաղաքի աւագանիի արտահերթ նիստի օրակարգին վրայ է Երեւանի աւագանիի 5 անդամներու լիազօրութիւնները դադրեցնելու մասին հարցը:
Մասնաւորապէս, խօսքը վերաբերած է աւագանիի հետեւեալ անդամներուն.
Նարինէ Հայրապետեան («Մայր Հայաստան»)
Հայկ Մարութեան («Ազգային առաջընթաց»)
Սոնա Աղեկեան («Մայր Հայաստան»)
Գէորգ Ստեփանեան («Մայր Հայաստան»)
Զարուհի Փոստանջեան («Մայր Հայաստան»)
Նշենք, որ աւագանիի նիստին քուորումի համար պէտք է առնուազն 33 ձայն: Իշխանական դաշինքը ունի 32 ձայն: Այսօրուան նիստին իշխող դաշինքէն բացի մասնակցած են նաեւ «Հանրային ձայն» խմբակցութեան երկու անդամներ, որ թոյլ տուաւ, որ նիստը կայանայ: